2012-11-10 11:19:40

Ղպտիներու Նոր Պատրիարք` Գերեջանիկ Թաուատրոսի Կոչը Եգիպտոսի Քրիստոնենաերուն Երկրէն Չգաղթելու։


Եգիպտոսի մէջ ներկայիս կ'աշխատասիրուի նոր սահմանադրութիւն մը որուն մասին պիտի արտայայտուի սահմանադրական յանձնախումբը, յառաջիկայ 12 նոյեմբերին։
Ղպտի նոր Պատրիարքը Գերեջանիկ Թաուատրոս, մամուլին հետ ունեցած իր ելոյթով յայտնած է թէ ինք պատրաստ է մերժել նոր սահմանադրութիւնը եթէ ան պարտադրէ կրօնական սկզբունքներու վրայ հիմնուած պետութիւն մը, քանի, հաստատած է Պատրիարքը, այս մէկը չի ներկայացներ երկրին բոլոր ընկերութիւնը։
Պատրիարք Թաուատրոս ապա կոչ ըրած է երկրի քրիստոնեաներուն որպէսզի երկրէն չգաղթեն։ Եգիպտոսը - ընդգծած է ան -նուիրական երկիր մըն է, քրիստոնեաներն ու մահմետական եղբայրները 14 դարերէ ասդին իրարու հետ միասին կ'ապրին եւ անոնց տարբերութիւնները երկրին մեծագոյն հարստութիւնը կը կազմեն։
Յայտնենք որ ղպտիներու դէմ գործադրուած բռնարարքները աճած են 2011-ի ըմբոստութենէն ասդին։ Մահմետական նոր նախագահը Մորսի իր ընտրութեան օրը յայտարարած էր ըլլալ բոլոր եգիպտացիներուն նախագահը, սակայն իսլամ եղբայրները կը ջանան իսլամական օրէնսդրութիւնը - շարիան`- պարտադրել։
Քրիստոնեաները Եգիպտոսի մէջ եկեղեցւոյ շինութեան մը համար այլազան սահմանափակումներու ու խոչընդոտնրու կ'ենթարկուին իսկ մզկիթներու բարձրացումը ոչ մէկ արգելքի կը հանդիսանայ, այս պատճառաւ ղպտիները իրենք զիրենք խտրականութեան թիրախ կը նկատեն ։








All the contents on this site are copyrighted ©.